Այսօր, վարժարանիս շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ յատուկ միջոցառում` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու ստեղծման 28 ամեակին առիթով։ Անոր ընթացքին վարժարանիս հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչ` Պրն. Աւետիս Տիպան հակիրճ ակնարկով ներկայացուց հայոց բանակի ստեղծման պատմութիւնը, կեդրոնանալով անոր կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան մասին։ Ապա խրախուսեց աշակերտութիւնը ուսումնատենչ ըլլալու եւ հայրենասիրութեան բարձր ոգիով զորավիգ կանգնելու հայոց բանակին, անոր նուիրական եւ հայրենաշինական գործընթացին, որմէ ետք աշակերտները միաձայն երգեցին Հայաստանի քայլերգը եռագոյն դրօշի հովանիին տակ։ Փառք եւ պատիւ հայոց արծուաշէն բանակին։