Երեքշաբթի 4 Փետրուար, 2020-ին, Նախ. Դ. դասարանի աշակերտները իրենց հայ լեզուի դասատուին` Տիկ. Ռիթա Թամուկեանի ընկերակցութեամբ, նախաճաշեցին վարժարանիս վերանորոգուած խոհանոցին մէջ: Անոնք իրենց հետ բերած էին քամած մածուն, պանիր, ձիթապտուղ, ծոթրին, վարունգ եւ լոլիկ, գիտնալով որ առողջ սննդականոնի հետեւելով կ'ունենանք առողջ միտք` առողջ մարմնի մէջ: