Չորեքշաբթի 19 Փետրուար 2020-ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւն, ներկայութեամբ օրուան հիւր բանախօս` Հոգեշնորհ Տէր Օշին վարդապետ Չուալերթանեանի, վարժարանիս հոգաբարձութեան փոխ ատենապետ` Տիար Պերճ Արապեանի, տնօրէնութեան, ծնողներու եւ ներկաներու: Մեր աշակերտները իրենց ներկայացումներով, պանծացուցին Քաջն Վարդանի ու իր զինակիցներուն անթառամ յիշատակը, որոնք եղան հայ ազգի ու մեր եկեղեցւոյ պսակը: