Մանկապարտէզի փոքրիկները իրենց պատրաստած ձեռային սաղաւարտներով դարձան մէկական "Քաջն Վարդան" ներ։ Անոնք տողանցելով, երգելով եւ արտասանելով անգամ մը եւս հաստատեցին մնալ հաւատարիմ զաւակները իրենց կրօնքին ու հայրենիքին։