Բարեկենդանի տօնը փոքրիկներուն համար տարբեր բնոյթ ունի, նամանաւանդ երբ անոնք ծպտուած կու գան դպրոց։ Այսօր, մեր փոքրիկները երգեցին, պարեցին ու մտիկ ըրին "Բարեկենդան"ի պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ համտեսեցին անուշեղէն եւ վերջապէս միասնաբար կազմեցին աւանդական Ակլատիզը։ Փոքրիկները տուն վերադարձան իրենց պատրաստած ձեռայիններով։