%D4%BB%D5%B6%D6%84%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%AB%D6%82%D5%B6 %D5%A5%D6%82 %D4%B1%D5%BC%D5%A1%D6%84%D5%A5%D5%AC%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%AB%D6%82%D5%B6
 
Մեր նպատակն է պահպանել հայկական ինքնութիւնն ու ժառանգութիւնը, ազատական գաղափարով դաստիարակել սերունդներ, որոնք քննականօրէն կը մտածեն ու կը յարգեն ուրիշը:
 
Իւրաքանչիւր աշակերտին համար կը ստեղծենք ակադեմական, ընկերային եւ զգացական միջավայր, յաջող կեանք մը ապրելու համար: Ան կ'իրագործուի երաշխաւորուած եւ դժուարին ծրագիրով մը, որուն հիման վրայ կը նախապատրաստենք ուսանողները դառնալու պատասխանատու անհատներ, ինչպէս նաեւ ըլլալու մշտական ուսումնատենջ անձնաւորութիւններ իրենց կեանքի ընթացքին:
 
Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի առաքելութիւնն է նաեւ արտաբերել անհատներ, որոնք լի են ծառայասիրութեան ոգիով ու կը հաւատան համամարդկային արժէքներուն:
 
Մենք յանձն կ'առնենք պատասխանատուութիւնը՝ աշակերտներուն ապահով միջավայր մը ստեղծելու, որուն ընդմէջէն, անոնք պիտի կարենան բաւարար միջոցներով ծառայել իրենց միջավայրին դառնալով արժանապատիւ քաղաքացիներ համաշխարհային գետնի վրայ:
 
  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي