%D5%8F%D5%B6%D6%85%D6%80%D5%A7%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6 %D5%AD%D6%85%D5%BD%D6%84
  Տնօրէնութեան խօսքը

Սիրելի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի մեծ ընտանիք,

Անհուն սիրով, պատիւով եւ ցնծութեամբ կը դիմաւորեմ ձեզ մեր կրթարանի  կայքէջին մէջ։

Մեծանուն հայրենասէր, Հայ Բանաստեղծութեան Իշխան՝ Վահան Թէքէեանի անունը կրող կրթութեան այս վառ օջախը հիմնուած է 1951-ին Լեռնալիբանանի Պուրճ Համուտ հայաշէն քաղաքին մէջ, ու որպէս Հայ Մշակոյթի սիւներէն մին, տարիներէ ի վեր մեծ խանդավառութեամբ ուսում կը ջամբէ ու կը դաստիարակէ հայեցի կրթութեամբ եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ  հպարտ սերունդներ:

Վահան Թէքէեան Վարժարանը ուսուցանելու, սորվելու եւ աճելու իւրայատուկ վայր մըն է։ Մեր հոգատար ուսուցչակազմը օժտուած է ուսուցման բարձրորակ հմտութեամբ՝ կեդրոնանալով իւրաքանչիւր աշակերտի անհատական կարիքներուն վրայ։

Օգտագործելով 21-րդ դարու ուսուցման նորարար ձեւերն ու հմտութիւնները, վարժարանս կ'արժեւորէ եւ կ'երաշխաւորէ իւրաքանչիւր ուսանողի ընկերային եւ զգացական աճումը, ջանալով՝ անոր սորվելու հմտութիւնը դարձնել հետաքրքրական եւ հաճելի:

Հետեւաբար՝ յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ, վարժարանիս որդեգրած աշակերտակեդրոն մօտեցումը, կ'օժանդակէ ուսանողին իրագործելու իր փայփայած նախասիրութիւնները , զայն դարձնելով արդիւնաւէտ  քաղաքացի եւ յարատեւ սորվող` խթան հանդիսանալով անոր  նպատակներու իրագործման:

Վարժարանս կը հետեւի Լիբանանեան կրթական ծրագրին, որ կը կեդրոնանայ քննադատական մտածողութեան, ղեկավարութեան ունակութիւններու, նկարագրի կազմութեան եւ ինքնաճանաչման վրայ, եւ առ այդ հպարտութեամբ արձանագրած ենք պատուաբեր արդիւնքներ  Լիբանանեան պետական քննութիւններուն մէջ:

Վահան Թէքէեան վարժարանը, որպէս ուսումնակրթական հարուստ աւանդութիւն ունեցող մեծ հաստատութիւն, ինքնավստահութեամբ, վճռականութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը դիմագրաւէ ծառացող բոլոր մարտահրաւէրները եւ նորարար միջոցներով կը շարունակէ իր յաղթական գոյերթը, նուաճելով նորանոր բարձունքներ՝ կերտելու եւ կառուցելու լուսաւոր ապագայ իր զաւակներուն համար:

Լաւագոյն բարեմաղթանքներով՝

Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան

Տնօրէնուհի

1_706_768.jpeg
94 KB
Տեսնել
  +961 1 260525 / 260574          

  info@vahantekeyan.com          

  P.O. Box 80060  Bourj Hamoud, Lebanon          

English Français عربي