Մանակապարտէզ` բառացի իմաստով կը նշանակէ «Մանուկներու Պարտէզ», որ նախադպրոցական կրթական մօտեցում մըն է աւանդաբար հիմնուած խաղի, երգի, ձեռային աշխատանքներու, ինչպէս՝ գծագրութեան եւ ընկերային փոխյարաբերութեան: Ան փոխանցումն է տան միջավայրէն դպրոց, այսինքն մանուկին առաջին փորձառութիւնն է օրինական կրթութեան:
Մեր մանկապարտէզը կը կիրարկէ միասնական արդի կրթական մօտեցումը՝ անհատական ուսումնակեդրոններ ստեղծելով դասարաններուն մէջ, որոնք սարքաւորուած են կրթադաստիարակչական խաղալիքներով. աշակերտին բազմազան հմտութիւնները ի յայտ բերելու համար: Մեր աշակերտները կը սորվին նոր գաղափարներ կազմել զանազան գործունէութիւններու ընդմէջէն՝ օգտագործելով ձեռնավարժութիւններ, որոնք կը նպաստեն անոնց ինքնաճանաչման, անկախութեան, քննադատական մտածողութեան, ստեղծագործութեան եւ այլ հմտութիւններուն: Անհատական մօտեցման ձեւի կիրարկումը կեդրոններուն մէջ կը զարգացնէ մանուկին ինքնահամարման եւ անկախութեան ոգիին: Հետեւաբար, փոքրիկը մեծ կամ փոքր խումբերու մէջ աշխատիլով կը զարգանայ անոր ընկերային կարողութիւնները, ինչպէս՝ համագործակցութիւնն ու կարեկցութիւնը, նաեւ կը սորվեցնէ այլոց հանդէպ օգտակար դառնալու գաղափարը: