top of page

ԲԱՐԻ ԳԱԼՈՒՍՏ ՎԱՀԱՆ ԹԵՔԵՅԱՆ ԴՊՐՈՑ

1951-ին, Պէյրութի մէջ հիմնուեցաւ Վահան Թէքէեան Վարժարանը, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի արտօնատիրութեամբ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինին հովանաւորութեամբ: Իր առաքելութիւնն էր Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ բնակող հայերուն կրթական պահանջներուն գոհացում տալ: Հետզհետէ բազմացող աշակերտներու արձանագրութիւններուն պատճառով՝ աւելի մեծ տարածութեան մը կարիքը անհրաժեշտ դարձաւ: Այս մէկը մղեց, այժմու եռայարկ շէնքի կառուցման, որուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 7 Մարտ 1965-ին:

Այս երազը սկսաւ ի գործ դրուիլ(ձեւաւորուիլ) 1964-ին, շնորհիւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան բարոյական եւ նիւթական նեցուկին, ինչպէս նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի նուիրատուութեան: Հիմնադրամներ հանգանակուեցան տեղական Հայկական, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու ընկերութիւններու կողմէ: Նուիրատուութեան մը մեծ մասնակցութիւնը կատարուեցաւ բարերար Յակոբ Պարսամեանի կողմէ:

1991-1992 կրթական տարեշրջանին, շնորհիւ անձնուէր անհատներու՝ դպրոցը կ'ունենայ իր միջնակարգի առաջին դասարանը:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Վահան Թէքէեան Վարժարանը դաստիարակած է հազարաւոր անձնուէր Լիբանանահայեր, որոնցմէ շատեր այսօր աշխարհի մէջ  կը ծառայեն իրենց ընկերութեանց՝ այլազան ասպարէզներու մէջ:

Դպրոցին կրթական, մարզական եւ մշակութային իրագործումները արգասիքն են նուիրուեալ ճիգերուն՝ տեսլականի տէր տնօրէններուն, յանձնախումբերու անձնուրաց անդամներուն, տքնաջան ուսուցիչներուն, աշխոյժ Ծնողաց եւ Շրջանաւարտից յանձնախումբերուն: Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինի հովանաւորութիւնը ապահովեց մեր վարժարանին կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ՝   յարաճուն եւ որակաւոր յառաջդիմութիւնը:

Իր 75-ամեայ ուղեւորութեան ընթացքին Վահան Թէքէեան Վարժարանը (produce-արտադրե՞ց) երեւելի շրջանաւարտներ, որոնք երկրագունդին շուրջ ձեռնարկած են յաջողակ ասպարէզներու՝ այլազան երկիրներու մէջ:

Vahan tekeyan front.jpeg

«Բանաստեղծութեան Իշխան» եւ սիրելի հայրենասէր Վահան Թէքէեանի անունով կոչուած այս վարժարանը, նախապէս սկսաւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններով:

Մեր տեսլականը և արժեքները

  • Վահան Թեքեյանի անվան դպրոցում մեր հիմնական արժեքները հիմնված են բարության, հարգանքի, պատասխանատվության, աշխատասիրության և զվարճանքի վրա: Մենք ձգտում ենք մեր աշակերտների մեջ սերմանել այս արժեքները՝ պատրաստելով նրանց դառնալու հասարակության կարեկից և ներդնող անդամներ:
13.jpg

Դպրոցական քայլերք

Այս յարկին տակ լուսատու մենք կ'աշխատինք անվեհեր՝

Ու խտացած շարքերով կ'ընթանանք միշտ դէպի վեր,

Պայծառ միտքով լուսատենչ, հոգիներով խանդավառ՝

Մենք պատրաստ ենք յաղթելու դժուարութեանց անհամար

 

Եկէ՛ք, ազնիւ ընկերներ, նորոգենք վեհ ուխտը մեր,

Հայ միտքի մեծ իշխանին՝ լոյս շաւիղէն քալենք վեր.

Թէքէեանի սէրն անմահ թող ներշնչէ մեզ բոլոր,

Հաղորդուի՛նք հոգիովն, ըլլանք կայծերը անոր:

 

Դէպի օրերը գալիք. օ՛ն ընկերներ, միշտ յառաջ,

Օ՛ն, կուռ կամքով աննկուն, միշտ դէպի վեր, աննահանջ.

Թէքէեանին մեր վըսեմ, տանինք անունը հզօր

Յաղթանակէ յաղթանակ, դրօշակի պէս փառաւոր:

bottom of page