top of page

Հոգաբարձական Կազմ

Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը կազմուած է նուիրեալ անհատներու խումբէ մը։ Վարչութեան ներկայ կազմը հետեւեալն է՝ Տիկ. Անի Լաչինեան Մակարեան (Ատենապետ), Տիար Պերճ Արապեան (Փոխատենապետ), Տոքթ. Յակոբ Փափազեան (Քարտուղար), Տիկ. Մարինա Սէֆէրեան Քիւրէճեան, եւ Տիկ. Նայիրի Պապուճեան Պուչաքճեան։ Վարժարանի Տնօրէնուհին՝ Տիկին Սեւանա Սեմերճեան Տարաքճեան յատուկ անդամի կարգավիճակով կը մասնակցի ժողովներուն։ Հոգաբարձական կազմը  ամէն ամիս՝ պարբերաբար հանդիպումներ կը կազմակերպէ  քննարկելու թէ՛ ակադեմական եւ թէ ոչ ակադեմական հարցեր՝ նպատակ ունենալով ապահովել վարժարանի յաջող ընթացքն ու շարունակական զարգացումը։

IMG-20250507-WA0079.jpg

Նախագահի ուղերձը

Հոգաբարձութեան անդամները՝ ակադեմական, գործարար, կառավարչական, բժշկական եւ
կրթական տարբեր փորձառութիւններով, ինչպէս նաեւ համայնքային ծառայութեան երկարամեայ փորձով,
յառաջ կը բերեն կարողութիւններու լայն շրջանակ մը։ Այս հաւաքական փորձառութիւնը կը նպաստէ
որոշումներու ընդունման եւ խնդիրներու լուծման բազմակողմանի մօտեցումի մը։
Հոգաբարձութեան առաջնահերթ նպատակն է ապահովել մեր աշակերտներու բարեկեցութիւնը՝
միաժամանակ մնալով ակադեմական գերազանցութեան ուժեղ պաշտպան։, Վարչութիւնը՝ Տնօրէնութեան
հետ շարունակական համագործակցութեան միջոցով, բոլոր աշակերտներուն համար առանցքային դեր կը
խաղայ վարժարանի տեսիլքը ձեւաւորելու եւ անոր ապահով ու զարգացող միջավայրը խթանելու
ուղղութեամբ։

 

Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանը մատուցած է որակեալ կրթութիւն աւելի քան 75 տարիէ
ի վեր ։ Վարժարանին վաստակաւոր տնօրէններուն եւ նուիրեալ ուսուցիչներուն ժառանգը տարիներու
ընթացքին կուտակուած ու բարձրացուցած է ուսումնական հաստատութեան համբաւը դէպի նոր
բարձունքներու։
Ներկայ տնօրէնուհին Տիկ. Սեւանա Սեմերճեան-Տարագճեան վարժարանիս տնօրէնութիւնը
ստանձնեց Հոկտեմբեր 2021-ին, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն ։ Ան իր ուսուցիչներու եւ
աշխատակազմի հետ միասին, յաջողած է կարեւոր ձեռքբերումներ արձանագրել, շրջանցած է արգելքներ
որոնց հանդիպած է իր նշանակումէն ի վեր։
Առաջին կարգին, վարժարանը ստիպուած եղաւ դիմանալ Լիբանանի տնտեսական համակարգի
փլուզումին։ Երկրորդ՝ «Քովիդ-19» համաճարակը պահանջեց արագ եւ ճկուն անցում դէպի առցանց
ուսուցման եւ սերտողութեան ձեւաչափեր։ Երրորդ՝ 2023–24 ուսումնական տարուան արհաւիրքային
պատերազմը աւելի մեծ կարեկցութիւն պահանջեց՝ ահ ու անորոշութիւն ապրող աշակերտներուն հանդէպ։

6

Հակառակ այս ու բազմաթիւ այլ դժուարութիւններուն, տնօրէնուհին եւ իր անձնակազմը
ցուցաբերեցին օրինակելի նուիրուածութիւն։ Անոնք իւրաքանչիւր ճիգ ի գործ դրին՝ ապահովելու համար
աշակերտներուն մարմնական եւ մտաւոր բարեկեցութիւնը՝ առանց վնասելու ուսումնական արդիւնքներուն:
Վերջին տարիներուն մեր ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ աշխատակազմին տնտեսական ծանր
իրավիճակը մեղմացուած է վարժարանին բարերարներուն՝ Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններուն
առատաձեռն նուիրատուութիւններով, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ նուիրատուներու կողմէ, որոնց
անգնահատելի աջակցութիւնը օգնեց վարժարանին՝ յաղթահարելու ահռելի դժուարութիւններ։ Անցած հինգ
տարիներուն, վարժարանը որդեգրած է «Անվճար Կրթաթոշակի» քաղաքականութիւն՝ թեթեւցնելու համար
մեր ընտանիքներուն տնտեսական բեռը։ Մեր ուսուցիչներուն եւ աշխատակազմին դրամական աջակցութիւն
տրամադրելը այլ առաջնահերթութիւն մըն էր, որ Հոգաբարձութիւնը հպարտութեամբ կատարեց՝ Թէքէեան
Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի վերահսկողութեամբ եւ առաջնորդութեամբ:
Այս բոլոր դժուարութիւնները, այժմ անցեալին մաս կազմելով՝ մեր վարժարանի մեծ ընտանիքը
կրկին աշխուժացած է նոր նախաձեռնութիւններով։ Ուստի կը հրաւիրենք ձեզ ծանօթանալու վարժարանին
կրթական եւ արտադասարանային գործունէութիւններուն՝ այս կայքէջին վրայ զետեղուած տարբեր
յղումներու՝ յօդուածներու, տեղեկագիրներ եւ համացանցային հրապարակումներու միջոցով ։
Հոգաբարձութեան անդամներուն անունով կը յայտնեմ մեր խորին երախտագիտութիւնը Թէքէեան
Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինին իր յարատեւ աջակցութեան, ինչպէս նաեւ մեր գլխաւոր
բարերարներուն՝ Տէր եւ Տիկ. Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններուն իրենց առատաձեռն նուիրատուութիւններուն
համար։ Շնորհակալ ենք նաեւ մեր բոլոր նուիրատուներուն եւ բարեկամներուն, որոնք անվերապահօրէն
օժանդակած են մեզի՝ շարունակելու վարժարանին կայուն զարգացման ընթացքը՝ մատուցելուվ բարձրորակ
կրթութիւն մեր սիրելի աշակերտներուն։
Ինչպէս մեր վարժարանին անունը կրող բանաստեղծ Վահան Թէքէեան կը յորդորէ, մեր
կարգախօսն է՝ «Բարձրացի՛ր եւ բարձրացո՛ւր...»
Անի Լաչինեան-Մակարեան

 

 

 

bottom of page