
Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան Մանկապարտէզ
Ամբողջական պատմությունը
Մանկապարտէզը, որ բառացիօրէն կը նշանակէ «Մանուկներու Պարտէզ», նախադպրոցական կրթական մօտեցում է, որ աւանդաբար կը շեշտէ խաղը, երգը, ձեռային աշխատանքները, գծագրութիւնը եւ ընկերային միջանկեալ գործողութիւնները: Ան կը ծառայէ, որպէս ամուր կամուրջ տան եւ դպրոցին միջեւ, որ կը դրոշմէ մանուկին առաջին փորձառութիւնը պաշտօնական կրթութեան հետ:
Հոկտեմբեր 2024-էն ի վեր, մեր մանկապարտէզը հպարտօրէն կը կրէ Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեան Մանկապարտէզ անունը՝ աւագ բարերարները մեր դպրոցին:

Մեր մանկապարտէզին մէջ, ներկայիս մենք կը կիրարկենք արդի, մօտեցումը կրթութեան՝ միաձուլելով բազմադիմի հմտութիւններու տեսութիւնը, գործածութեամբ սովորումի կեդրոններ՝ իւրաքանչիւր դասարանի մէջ: Այս կեդրոնները կազմուած են դաստիարակչական խաղալիքներով եւ առարկաներով, որոնք ծրագրուած են երաշխաւորելու աշակերտներուն փորձառական ուսմունք:
Մանուկները կը յայտնաբերեն նոր մտապատկերներ զանազան գործունէութիւններու ընդմէջէն,գործածելով ձեռնավարակա՞ն, որոնք կը նպաստեն ըմբռնումը, ինքնավարութիւնը, քննական մտածողութիւնը, հնարամտութիւնը եւ այլ անհրաժեշտ զարգացական միջոցներ:
.
Մեր մանկապարտէզին մէջ, մենք կ'օգտագործենք հաւասարակշռուած մօտեցում, որ կը միախմբէ թէ՛ անհատական, թէ՛ ալ խմբային գործունէութիւնները: Անհատաբար աշխատիլը կը սնուցանէ ինքնավստահութիւնը եւ ինքնավարութեան զգագումը, մինչ պզտիկ կամ մեծ խումբերով աշխատանքի մասնակցութիւնը կը նպաստէ մանուկներու անհրաժեշտ ընկերային հմտութիւններու զարգացման, ինչպէս՝ գործակցութիւնը, համակրական հասկացողութիւնը եւ խմբային աշխատանքը: Հետեւեալ փորձառութիւններու մասնակցութեան միջոցով, անոնք կը յայտնաբերեն ուրիշին օգնելու հրճուանքը եւ կը սատարեն խրախուսող ուսման միջավայրի մը:

