top of page

ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ
Մեր դպրոցին մէջ, մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է ուսումը դարձնել զուարճալի, յանձնառու նաեւ ճոխ փորձառութիւն մը իւրաքանչիւր աշակերտի համար: Թէ վարի եւ թէ վերին նախակրթարանի դասարանները օժտուած եւ interactive projectors-ով՝ ստեղծելով ուժական ուսման միջավայր մը:

Ուսանողակենտրոն դասավանդում
Սոյն արդի եւ նորաձեւական մօտեցումի միջոցով՝ մեր աշակերտները կարողութիւնը կ'ունենան խանդավառութեամբ մասնակցելու իրենց դասարանային աշխատանքին եւ վճռականօրէն ճիգ թափեն ակադեմական գերազանցութեան՝ դպրոցական տարեշրջանի տեւողութեան:
Ուսուցման աշակերտակեդրոն մեր մօտեցումը կը մարմնացնէ այլազան մեթոտներ, ներառեալ խմբային աշխատանքը, խոյզերու վրայ հիմնուած ուսումը եւ կատարելագործուած առաջացեալ կրթական արհեստավարժութիւնը: Հետեւեալ արուեստի հմտութիւնները ո՛չ միայն կ'առաջացնեն դասարանային յանձնառութիւնը, այլ կը քաջալերեն, որ աշակերտները աշխոյժ դեր ունենան իրենց սորվելու ուղեւորութեան ընթացքին:
bottom of page

