top of page

Աշակերտական կեանքը Վահան Թէքէեան Վարժարանէն ներս

Վահան Թէքէեան Վարժարանին աշակերտական կեանքը աշխոյժ է, համապարփակ եւ խորապէս արմատաւորուած համայնքային ոգիով։ Կրթականէն անդին, աշակերտները գործնականօրէն կը մասնակցին մշակոյթի եւ արուեստի բազմաթիւ ձեռնարկներու, մարզական մրցումներու եւ հասարակական նախաձեռնութիւններու, որոնք կ՛օգնեն իրենց անհատական նկարագիրի ձեւաւորման՝ բացայայտելու իրենց ինքնութիւնը, ստեղծելու կայուն բարեկամութիւններ եւ զարգացնելու իրենց ինքնագիտակցութիւնն ու պատասխանատուութիւն

Գրադարան

Գրադարանը կենսական անկիւնաքար մըն է որեւէ կրթական հաստատութեան մը: Մեր դպրոցին մէջ ան կը ծառայէ, որպէս վայր մը  ներշնչման, գիւտի եւ աճման:

Ան մեծ դեր կը խաղայ սնուցանելու ընթերցելու սէրը եւ ընդլայնելու աշակերտներուն գիտելիքները զանազան առարկաներու մէջ:

 Ծրագրուած՝  հանդարտութեան եւ սիրալիր ընդունելութեան, մեր գրադարանը կը մատուցանէ հանգստաւէտ մթնոլորտ մը, ուր աշակերտները գիրքերուն ընդմէջէն կը խուզարկեն աշխարհը: Ան կը խրախուսէ անկախ ուսումը, կը քաջալերէ հետաքրքրութիւնը եւ կը խթանէ կենսատեւ ընթերցելու սովորութեան՝ անհրաժեշտ ակադեմական եւ անհատական յաջողութեան համար:

24.jpg
IMG_8217.jpg

Գիտական տարրալուծարան

Վահան Թէքէեան վարժարանի գիտական տարրալուծարանը կ'ապահովէ գործօն եւ փորձառական ուսումնական միջավայր մը, որ կը ներգրաւէ աշակերտները գիտական յայտնագործութիւններու հրաշալի աշխարհին մէջ։ Տարրալուծարանը զինուած է բազմազան գիտական գործիքներով՝ սարքերով եւ քիմիական նիւթերով աշակերտներուն կարելիութիւն ընծայելով անձամբ կատարել փորձեր եւ բացայայտել գիտութեան հիմնական սկզբունքներ։

Անկախ գործնական սերտողութեան, թէ հիմնական գիտական առարկաներու ուսուցման՝ մեր տարրալուծարանը կը խրախուսէ հետաքրքրասիրութիւնը, քննադատական մտածողութիւնը եւ շրջապատող աշխարհի խոր գիտակցումը։

Համակարգչային Սենեակ

Մեր վարժարանին համակարգչային սենեակը զինուած է ժամանակակից եւ արդիական համակարգիչներով, որոնք միացած են համացանցին՝ օգնելու համար աշակերտներուն իրենց հետազօտութիւններուն եւ սերտողութեան ընթացքին։ Այս համակարգիչները ապահովուած են Microsoft Office-ի վերջին տարբերակով, որ աշակերտներուն կարելիութիւն կու տայ կատարելագործելու իրենց հմտութիւնները հիմնական ծրագիրներուն մէջ, ինչպէս՝ Word, Excel, PowerPoint, Access եւ այլ։

Բացի ծրագիրներով սերտողութենէն, այս տարածքը ներառած է նաեւ STEAM ուսումնական փաթեթներ եւ 3D տպիչ մը, որոնք կը խրախուսեն ստեղծագործութիւնը, քննադատական մտածողութիւնը եւ գործնական փորձառութիւնը գիտութեան, արհեստագիտութեան, ճարտարագիտութեան, արուեստի եւ ուսողութեան ոլորտներուն մէջ։ Ան նաեւ  կը նպաստէ, որ աշակերտները զարգացնեն ամուր հիմքով համակարգչային հմտութիւններ, պատրաստ ըլլալու համար թէ՛ ուսանողական, եւ թէ՛ ապագայ մասնագիտական պահանջքին։

WhatsApp Image 2023-02-23 at 10.17.50 AM.jpeg
bottom of page