
Տիկին Սեւանա Սեմերճեան Տարագճեան
Տնօրէնուհի` Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Տնօրէնութեան Խօսքը
Բարի գալուստ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի մեծ ընտանիք՝ ուր հայկական աւանդութիւնները սերտօրէն կ'ընդելուզուին նորարարութեանց հետ: Մեծ ոգեւորութեամբ կ'ողջունեմ ձեզ՝ ուսանողներ, ծնողներ եւ ընկերներ:
Մենք յանձնառու ենք պահպանելու մեր վարժարանին աւելի քան 75 տարուան պատմութիւն ունենցող հարուստ մշակութային ժառանգութիւնը, մեր աշակերտներուն ապահովելով լաւագոյն կրթութիւն: Որպէս հաստատութիւն լիբանանեան եւ հայկական ժառանգութեան մէջ, մենք նպատակ ունինք ոչ միայն ամուր ակադեմական կրթութիւն տրամադրելու, այլ նաեւ ինքնութեան, քաղաքացիութեան, պատմութեան, լեզուի եւ աւանդութիւններու խոր գիտակցութիւն:
Անձնուիրաբար պիտի ստեղծենք միջավայր մը, որ կը խթանէ ակադեմական գերազանցութիւնը, մշակութային հպարտութիւնը եւ անձնական աճումը: Մեր առաքելութիւնն է ստեղծել ուսումնական տարածք մը, որ կը զարգացնէ ու կը ծաղկեցնէ աշակերտին հետաքրքրութիւնները զանազան դասանիւթերու շուրջ, ուր անոնք ոգեշնչուած կը հասնին լիարժէք կարելիութիւններուն: Այս բոլորը տեղի կ'ունենան իրարու նկատմամբ յարգանքի եւ մշակութային արժէքներու գիտակցութեան հիման վրայ:
Մեր ժրաջան ուսուցիչները ջանք չեն խնայեր մեր աշակերտներուն համար ստեղծելու դաստիարակչական հանգիստ միջավայր, ուր անոնք պիտի զգան գնահատուած, յարգուած եւ քաջալերուած։
Հպարտ ենք, որ մաս կը կազմենք Լիբանանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեծ ընտանիքին: Ընտանիք՝ որ ունի մեծ ներդրում այս գեղեցիկ երկրի բարգաւաճման մէջ ։ Մենք կը ձգտինք պահպանելու այս ժառանգութիւնը՝ զինելով մեր ուսանողները զարգանալու համար անհրաժեշտ գիտելիքներով, հմտութիւններով եւ արժէքներով, որպէսզի դիմագրաւեն գալիք մարտահրաւէրները յարափոփոխ այս աշխարհին մէջ ։
Սիրելիներ, մեծ սիրով եւ հպարտութեամբ կը հրաւիրեմ ձեզ, մաս կազմելու կրթական մեր յառաջընթացին՝ մեր սիրասուն աշակերտներուն սնուցելու հպարտութեան եւ պատկանելիութեան զգացումները: Միասնաբար կ'ապահովենք մեր ուսանողներուն բարեկեցիկ ապագան, միեւնոյն ժամանակ կառչած մնալով մեր ժառանգութեան արժէքներուն։
Շնորհակալութիւն մեր մեծ ընտանիքին անբաժան մասնիկը ըլլալնուդ համար:

