top of page
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ – ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԿՏԱԿ ՄԸ
«Բանաստեղծութեան Իշխան» եւ սիրելի հայրենասէր Վահան Թէքէեանի անունով կոչուած այս
վարժարանը, նախապէս սկսաւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններով:
1951-ին, Պէյրութի մէջ հիմնուեցաւ Վահան Թէքէեան Վարժարանը, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի
արտօնատիրութեամբ՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմինին հովանաւորութեամբ:
Իր առաքելութիւնն էր Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ բնակող հայերուն կրթական պահանջներուն գոհացում
տալ: Հետզհետէ բազմացող աշակերտներու արձանագրութիւններուն պատճառով՝ աւելի մեծ տարածութեան
մը կարիքը անհրաժեշտ դարձաւ: Այս մէկը մղեց, այժմու եռայարկ շէնքի կառուցման, որուն պաշտօնական
բացումը կատարուեցաւ 7 Մարտ 1965-ին:
Այս երազը սկսաւ ի գործ դրուիլ 1964-ին, շնորհիւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան
բարոյական եւ նիւթական նեցուկին, ինչպէս նաեւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի նուիրատուութեան:
Հիմնադրամներ հանգանակուեցան տեղական Հայկական, ինչպէս նաեւ՝ Միացեալ Նահանգներու
ընկերութիւններու կողմէ: Նուիրատուութեան մը մեծ մասնակցութիւնը կատարուեցաւ բարերար Յակոբ
Պարսամեանի կողմէ:
1991-1992 կրթական տարեշրջանին, շնորհիւ անձնուէր անհատներու՝ դպրոցը կ'ունենայ իր միջնակարգի
առաջին դասարանը:
Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Վահան Թէքէեան Վարժարանը դաստիարակած է հազարաւոր անձնուէր
Լիբանանահայեր, որոնցմէ շատեր այսօր աշխարհի մէջ կը ծառայեն իրենց ընկերութեանց՝ այլազան
ասպարէզներու մէջ:
Դպրոցին կրթական, մարզական եւ մշակութային իրագործումները արգասիքն են նուիրուեալ ճիգերուն՝
տեսլականի տէր տնօրէններուն, յանձնախումբերու անձնուրաց անդամներուն, տքնաջան ուսուցիչներուն,
աշխոյժ Ծնողաց եւ Շրջանաւարտից յանձնախումբերուն: Թէքէեան Մշակութային Միութեան
Հիմնադիրներու Մարմինի հովանաւորութիւնը ապահովեց մեր վարժարանին կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ՝
յարաճուն եւ որակաւոր յառաջդիմութիւնը:
Իր 75-ամեայ ուղեւորութեան ընթացքին Վահան Թէքէեան Վարժարանը (produce-արտադրե՞ց) երեւելի
շրջանաւարտներ, որոնք երկրագունդին շուրջ ձեռնարկած են յաջողակ ասպարէզներու՝ այլազան
երկիրներու մէջ:
bottom of page

